Հարցազրույց. ինչպես է Փաշինյանը բռնապետություն կառուցում Հայաստանում և որն է ընդդիմության անելիքը
Կարեն Վրթանեսյանի հարցազրույցը կանադահայ «Ապագայ» շաբաթաթերթին Հայաստանում քաղաքական իրավիճակի, հայկական պետականությանը ներկա սպառնալիքների մասին։ Տեքստը հրապարակվել է 2022 թվականի օգոստոսի 17-ին, հարցազրույցը վարել է լրագրող Սագօ Արեանը։
— Պրն. Վրթանէսեան Հայաստանի ներքաղաքական ընդհանուր պատկերը ինչպիսի՞ն է այսօր։
— Այսօր, ինչպէս վերջին չորս տարիներուն, Նիկոլ Փաշինեանը զբաղած է պետութեան բոլոր հաստատութիւնները քանդելով եւ վերակառուցելով, որպէսզի անոնք ծառայեն իր անսահմանափակ անձնական իշխանութեան ամրապնդման եւ չէզոքացնեն ցանկացած ուժ, որ նոյնիսկ տեսականօրէն կրնայ իշխանութեան հասնելու յաւակնութիւն ունենալ։ Ըստ էութեան, մեր աչքերուն առջեւ անձնատիրական բնոյթի բռնապետութիւն կը կառուցուի (personalist dictatorship)։
Այս քայլերը կը քօղարկուին աշխոյժ տեղեկատուական գործողութիւններով, որոնք հանրութեան հնարաւորութիւն չեն տար նկատելու եւ վերլուծելու իրենց շուրջ կատարուածը։ Ամէն օր, ամէն շաբաթ նորանոր ճգնաժամեր, խայտառակութիւններ կը հրահրուին, որոնք ծայրայեղ անորոշութեան զգացում կը ստեղծեն մարդոց մէջ, եւ յոգնեցնելով զիրենք, անտարբերութեան կը մղեն։
Աւելին՝ բնակչութեան անընդհատ կը համոզեն քաղաքական որեւէ գործընթացի չմասնակցիլ։ Այնպիսի կարծրատիպ կը փորձեն ձեւաւորել, որ իբր թէ քաղաքականութեամբ զբաղուիլը զազրելի բան մըն է։
Միաժամանակ՝ համակարգուած ու հետեւողական ձեւով ատելութիւն կը հրահրեն այն ուժերուն դէմ, որոնք կրնան Փաշինեանի իշխանութեան սպառնալիք դառնալ։ Շատցած է նաեւ պառակտիչ քարոզչութիւնը, թիրախաւորելով ոչ միայն ընդդիմադիր տարբեր խումբերը, այլեւ զինուորականները, արցախցիները, սփիւռքահայութիւնը, եւայլն…
Բացի այդ՝ Փաշինեանի վարչակարգը պատերազմով կը վախցնէ ժողովուրդը ու անոր խաղաղութիւն կը խոստանայ, Արցախի յանձնման եւ այլ միակողմանի զիջումներու դիմաց։ Սա, բնականաբար, կեղծ խոստում է, եւ պաշտօնական Պաքուի վերջին տասնամեակներու քարոզչութեան բառացի կրկնութիւնն է։
Կարեւոր յաւելում մըն ալ՝ Փաշինեանի վարչակարգը, բոլորին կը փորձէ համոզել, թէ Արցախի յանձնումը արդէն որոշուած է, բոլոր արտաքին ուժերը անոր կողմ են եւ այլեւս անհնար է որեւէ կերպով այս գործընթացը կանգնեցնել։
— Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդդիմութիւնը՝ յատկապէս կ’ակնարկեմ 2021 թուականի ընտրութիւններէն ետք կազմաւորուած ընդդիմութեան։ Ո՞ւր էին սխալները եւ ի՞նչ քայլերու կարիքն ունի ան այսօր։
— Նախ, կը կարծեմ, որ ընդդիմութիւնը ամբողջովին չի գիտակցիր Նիկոլ Փաշինեանին բերած գոյաբանական վտանգին՝ հայկական պետականութեան եւ հայրենիքի մէջ հայկական ներկայութեան իմաստով։ Անոնք զինք կը շարունակեն ընկալել աւելի շատ իբրեւ քաղաքական հակառակորդ, բայց ոչ՝ գոյաբանական խնդիր։
Ընդդիմադիրներէն շատեր կը շարունակեն հաւատալ, թէ Փաշինեանը ապիկար է ու տգէտ։ Այս համոզումը՝ այդ անձէն բխող վտանգները թերագնահատելու եւս մէկ պատճառ է։
Նոյնիսկ այն գործիչները, որոնք թերեւս կը գիտակցին ամբողջ խնդրի լրջութեան, բայց տակաւին պատրաստ չեն վտանգին համապատասխան քայլեր առնելու (սա թերեւս հոգեբանական խնդիր է, որ գիտութեան մէջ կը կոչուի «Բնական աղճատում» (normalcy bias)։
Վտանգը ամբողջ խորութեամբ չգիտակցիլը, կ’ենթադրեմ, որ կը բխի այն բանէն, որ ընդդիմութեան տարբեր ճամբարներու միջեւ որոշ խորքային հակասութիւններ տակաւին յաղթահարուած չեն, եւ ընդդիմադիրները չեն կրնար կեդրոնանալ ազգային ուժերու համախմբման, վերադասաւորման եւ նոր համակիրներ հաւաքագրելու աշխատանքին վրայ։
Երկրորդ մեծ խնդիրը կը համարեմ՝ ընդդիմութեան հաղորդակցման միասնական ռազմավարութեան եւ զայն իրականացնելու անհրաժեշտ ենթակառոյցի բացակայութիւնը։
Պայմանականօրէն ըսենք, որ «ազգային էլիթները» այդպէս ալ չկրցան, այս ընթացքին, ինքնիշխան՝ Հայաստանի շահերը պաշտպանող, ազգային կառոյցներ ստեղծել, օրինակ՝ հայաստանակեդրոն քաղաքացիական հասարակութիւն, լրատուամիջոց, կրթական համակարգ, փորձագիտական համայնք…
Այսօր, այն խումբերը, որոնք իրենք զիրենք «Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւն» կը կոչեն, հիմնականօրէն օտար շահեր կը սպասարկեն եւ այլ պետութիւններու դեսպանութիւններուն եւ արտասահմանեան հիմնադրամներուն հաշուետու են ։
Մինչեւ որ ազգային ուժերը չունենան տեղեկատուական տիրոյթի մէջ աշխատելու միասնական ռազմավարութիւն եւ ենթակառոյց, անոնք պիտի չկարենան ազգային օրակարգեր ձեւաւորել եւ զանոնք գերիշխող դարձնել հանրային գիտակցութեան մէջ։ Հետեւաբար, նոյնիսկ միջին ժամկէտով, Փաշինեանի վարչակարգը պիտի յաղթէ՝ ընդդիմութեան կողմէ ցանկացած գործողութիւն հանրութեան ներկայացնելով իբրեւ խիստ բացասական, շարունակելով մարդոց մոլորեցնել, թմբիրի մէջ պահել, պառակտել եւ վախցնել։
— Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսին համար, մանաւանդ նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք, գոյացաւ կարծիք, որ նաեւ, ինչ որ առումով կարծրատիպ էր, թէ ընդդիմութիւնը գոյացած է նախկին իշխանութիւններու վերարտադրման համար ու այդ մօտեցումն էր հաւանաբար, որ արգելք դարձաւ, որ նոյն Փաշինեանէն դժգոհող մասսաները ձեռնածալ մնան եւ մասնակից չդառնան բողոքի ալիքին ու գործողութիւններուն։ Համաձա՞յն էք այս մօտեցումին, եւ եթէ իրօք այդպէս է, ապա ձեր տեսակէտով ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը չփորձեց փոխել իր մօտեցումները։
— Ճիշդ էք՝ կայ այդպիսի կարծրատիպ։ Ես աւելի քան վստահ եմ, որ այդ մէկը կը տարածուի եւ կ’ամրապնդուի Փաշինեանին քարոզչամեքենային կողմէ։
Այս ընդդիմութիւնը՝ ինչքան ալ որ անարդիւնաւէտ կը գործէ, այնուամենայնիւ խնդրայարոյց է Նիկոլ Փաշինեանի համար։ Եթէ հակառակը ըլլար, ապա ան արտահերթ ընտրութիւններէն ընդամէնը օրեր անց, հապճեպ ձեւով չէր հաւաքեր այսպէս կոչուած «արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու» ղեկավարները եւ առ այսօր աշխոյժ կերպով չէր նպաստեր այդ ուժերու գործունէութեան։ Տպաւորութիւն ունիմ, որ Փաշինեան միտք մը կը փայփայէ, որ յարմար պահուն, հերթական՝ քաղաքական ճգնաժամ հրահրէ եւ արտահերթ ընտրութիւններ կատարէ, որպէսզի Ազգային ժողովի ներկայ ընդդիմութիւնը փոխարինէ, իրեն հլու-հնազանդ՝ «գրպանային» քաղաքական գործիչներով։
Կարեւոր փաստ է նաեւ այն, որ Պաքու եւ Անգարա նոյնպէս՝ ամենաբարձր մակարդակով կը թիրախաւորեն Հայաստանի ընդդիմութիւնը։
Թէպէտ, ընդդիմութիւնը չկրցաւ Հայաստանի հանրային գիտակցութեան մէջ, վերջին ամիսներու աշխոյժ պայքարը ամրապնդել, որպէս մարտավարական յաղթանակ, այնուամենայնիւ, այս պայքարը որոշակի շօշափելի յաջողութիւններու հասաւ։ Մինչեւ ընդդիմութեան պայքարը սկսիլը, եթէ Փաշինեան կը համոզէր աշխարհը, թէ արտահերթ ընտրութիւններուն, ժողովուրդը իրեն վստահութիւն տուած է Արցախը յանձնելու եւ այլ զիջումներու երթալու, այժմ ակնյայտ դարձաւ, որ ան այդպիսի վստահութիւն չունի։
Ժողովուրդին զգալի մասին գիտակցութեան մէջ ամրագրուած է, որ այս պահուն Փաշինեանի վարչակարգը ոչ միայն չի ներկայացներ հայկական պետականութիւնը եւ հայ ազգին շահերը, այլեւ կը սպասարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն։
— Կայ տպաւորութիւն, որ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր կը վայելէ արտաքին գլխաւոր խաղացողներու կարեւոր նեցուկը. եթէ իրօք այդպէս է, ապա ի՞նչ են անոր վրայ դրուած «գրաւներ»-ը, կամ անոր տրուած պատուէրները։
— Ես ալ նման տպաւորութիւն ունիմ։ Անգարա եւ Պաքու կը տեսնեն, որ Փաշինեանը համաձայն է Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու եւ այլ զիջումներու երթալու։ Արեւմուտքն ալ յոյս ունի, որ Փաշինեանին միջոցով կրնայ դուրս մղել Մոսկուան Հարաւային Կովկասէն, կամ առնուազն՝ այս տարածաշրջանին մէջ, անոր համար նոր խնդիրներ ստեղծել։ Ռուսաստանը՝ շատ զբաղած ըլլալով Ուքրանիոյ մէջ՝ չի ցանկար անկայունութեան նոր օճախ մը ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Հետեւաբար, գոնէ այս պահու դրութեամբ, չի ցանկար, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն ըլլայ՝ աչքի առաջ բերելով անկէ բխող բոլոր վտանգները։
— Մենք նաեւ կը նկատենք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր զարգացումներ դժուար թէ ըլլան, յատկապէս Իրանի՝ հայկական շահերէն բխող, կարծր կեցուածքներով։ Այդ առումով ի՞նչ կը նախատեսէք։
— Շեշտեմ, որ Թեհրանի կեցուածքը միմիայն իր շահերէն կը բխի։ Հայաստանի շահերով հետաքրքրուած է այնքանով, որքանով որ իր շահերուն կը համընկնին անոնք։
Մեր տարածաշրջանին մէջ, հետագայ զարգացումները մեծապէս կախուած են ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ընթացքէն։ Հոն ինչքան աւելի անորոշ ըլլայ իրավիճակը, այնքան աւելի մեծ վտանգներ կը յառաջանան Հայաստանին՝ ներառեալ Արցախին։ Ընդ որում՝ ամէն կողմէ եկող վտանգներ…
— Այս ամէնը հաշուի առնելով՝ ընդդիմութիւնը այսօր ի՞նչ պէտք է ընէ
— Այսօր, ընդդիմութիւնը դժուար իրավիճակի մէջ է։ Նախ՝ Փաշինեանի վարչակարգը, ընդդիմութեան՝ հարիւրէ աւելի ամէնէն աշխոյժ տղամարդոց զինուած ուժեր զօրակոչած է, այսպէս կոչուած՝ «ուսումնա-վարժական եռամսեայ հաւաքներու»։ Իրականութեան մէջ, սա ակնյայտօրէն պատժիչ գործողութիւն է, միտուած՝ ընդդիմութեան ամէնէն եռանդուն միջուկը երեք ամիսէն չէզոքացնելու։
Երկրորդը՝ իշխանական քարոզչամեքենան կը քարոզէ, թէ ընդդիմութիւնը պէտք է վերադառնայ Ազգային Ժողով ու շարունակէ խորհրդարանական աշխատանքը սովորականին պէս։ Այսպիսով, կրկին մտած կ՚ըլլայ «բնականոնութեան» գօտի։ Հասկնալի է, որ նման քայլէն յետոյ, Փաշինեանին սպասարկող այլ քարոզիչներ մէկ անգամէն կը սկսին մեղադրել ընդդիմութիւնը՝ իշխանական օրակարգերը սպասարկելու մէջ։
Կը կարծեմ, որ այս փուլին, ընդդիմութիւնը՝ առօրեայ պայքարին զուգահեռ, պէտք է աշխատի 3 առաջնահերթ ուղղութեամբ.
Ա. Ազգային կառոյցներու կերտում. հայաստանակեդրոն քաղաքացիական հասարակութիւն, իրապէս անկախ լրատուամիջոցներ եւ փորձագիտական համայնք եւայլն։ Սա երկարատեւ ու բարդ աշխատանք է, որ սակայն մեր միակ հնարաւորութիւնն է, ստեղծելու այն ամուր կմախքը, որուն վրայ կը հենի հայկական, ազգային պետութիւնը, ինչ որ իր հերթին կը նշանակէ նաեւ՝ հայկական ներկայութեան պահպանումը հայրենիքին մէջ։
Բ. Հաղորդակցման ռազմավարութեան մշակում. աւելի առարկայական եթէ խօսինք, ապա նախ՝ անհրաժեշտ է մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրել ժողովուրդին տարբեր շերտերը ու խումբերու տրամադրութիւնները, օրակարգերը, ընկալումները, եւ անոնց հիման վրայ թիրախային լսարանները տարանջատել։ Երկրորդը՝ ընդդիմութեան դիրքորոշումները արտայայտող գլխաւոր ուղերձներու յստակեցում եւ անոնց հիման վրայ միասնական ու համոզիչ ըսելիքի (grand narrative) ձեւաւորում։ Երրորդը՝ ամէն թիրախային լսարանի համար, ընկալելի ձեւով այդ ըսելիքի «փաթեթաւորում» եւ ունկնդիրներու մատակարարում՝ բոլոր հասանելի միջոցներով։ Վերջապէս՝ այդ միասնական ըսելիքի հիման վրայ օրակարգերու ձեւաւորում եւ զարգացում լրատուական դաշտի մէջ։
Գ. Ազգային օրակարգերու շուրջ ազգային ուժերու համախմբում եւ հաւաքագրում Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնելու, հայկական պետականութեան եւ հայ ազգին շահերը պաշտպանելու, մեր առջեւ ծառացած լրջագոյն գոյաբանական խնդիրները լուծելու, հայկական պետականութիւնը պաշտպանելու եւ ամրապնդելու համար։ Այս առումով, շատ կարեւոր է բացատրել, որ այսօր, ամէն գիտակից հայ մարդ պարտաւոր է աշխոյժ կերպով հետաքրքրուելու քաղաքականութեամբ։ Անհրաժեշտ է յստակօրէն գիտակցիլ, որ այսօր հայ մնալը ինքնին արդէն քաղաքական որոշում է։
Բնականաբար, սա դժուար, երկար, ծախսատար, վտանգներով լեցուն ճանապարհ է, բայց կը կարծեմ, որ այլ ճանապարհ չկայ։ Հայկական պետականութիւնը այլ ձեւով փրկելն անհնար է, բացի ազգային ուժերու ծանր, համակարգուած ու հետեւողական աշխատանքէն։ Այն գործիչը կամ ուժը, որ կը խոստանայ արագ ու պարզ լուծումներ, հեշտ ու կարճ ճանապարհներ գտնել, կա՛մ ինքն է մոլորութեան մէջ, կամ ալ նպատակ ունի մնացած բոլորին մոլորեցնելու։
Ամենակարեւորը. բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ մտմտալու, տեղքայլ ընելու այլեւս ժամանակ չունի Հայաստանը. վտանգները իրական են եւ մօտալուտ, ինչքան ալ մեզի փորձեն խաբել «խաղաղութեան» կեղծ օրակարգերով եւ համոզեն, թէ «քաղաքականութիւնը ձեր գործը չէ»։